
Կը տեղեկանանք, որ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ «Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ Եղեռնի 106-րդ տարելիցի սեմին «Արաս» լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı’nın Kısa Bir Tarihi» գործը, որու հեղինակն է Թանէր Աքչամ։ Այս վերջինը, ծանօթ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու տեսակէտէ հեղինակաւոր անուն մըն է։ Տասնամեակներէ ի վեր ան կ՚աշխատի այս…